top of page

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳԱՂՏՆԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

1) Յառաջաբան ՄԻԱՑԻՐ-ի մասին

Կարողութիւններու համադրումը մեր ուժն է։ Հայկական ոգի ունեցող ծառայութիւններ մատուցողները նշուած են մեզ մօտ:

Մեր Շարժառիթը

Դուք, անշուշտ, գիտէք այն զգացումը, երբ կը փնտրէք հաստատութիւն մը եւ կը յուսաք, որ մէկը լաւ խորհուրդ կրնայ տալ: Ճիշտ յանձնարարութիւնը ոսկիի չափ արժէք ունի: Յատկապէս ծառայութիւններ մատուցողները պէտք է զիրար լաւագոյնս ճանչնան: Մենք մեր կարելին կ'ընենք` որ դուք ճանչնաք զիրար, որպէսզի կարողանաք իրարմէ օգուտ քաղել: Մենք այդ կարծիքին ենք, որ ճիշտ կապերը կարեւոր են: Միացէ՛ք եւ վայելեցէ՛ք Հայ ծառայութիւններ մատուցող գործարարներու առաւելութիւնները:

Մեր Նպատակները

Մենք կը փորձենք մէկ հարթակի վրայ միաւորել բոլոր հայկական կապ ունեցող ծառայութիւններ մատուցողները: Միացման նպատակը արագ կապ գտնելն է թէ' ծառայութիւն փնտրող յաճախորդներուն, եւ թէ' ինքնին ծառայութիւններ մատուցողներուն համար: Շատ անգամ՝ մարդ շատ ոլորապտոյտ կը մտածէ եւ միայն ծառերուն նայելով անտառը չի տեսներ: Դուք ի մտի ունիք որոշ անձ մը, սակայն մի մտածէք, որ ան Ձեր փնտրած ճիշտ մասնագէտ մարդն է: Կամ դուք նոյնիսկ տեղեակ չէք, որ մարդը ունի այդ մասնագիտութիւնը զոր դուք կը փնտրէք: ՄԻԱՑԻՐ-ը ոչ թէ միայն իրարու հետ կապէ ծանօթները, այլ նաեւ կը կապէ ծառայութիւններ մատուցողները եւ կը տրամադրէ յաճախորդներուն ծառայութիւն մատուցող գտնելու արագ միջոցը:

Մեր Ծառայութիւնը

Այս հարթակի վրայ ծառայութիւններ մատուցողներու ցանկը կ'իրականացնէ ՄԻԱՑԻՐ խումբը եւ անվճար է: Ցանցի մասնակիցները կրնան որեւէ ատէն պահանջել իրենց մասնակցութեան ջնջուիլը: Կապող պարտաւորութիւն կամ վճարում չկայ: Այս կայքը կը գործէ անշահոյթ նպատակներու համար. հետեւաբար, կարող է որոշ ժամանակ պահանջուի իւրաքանչիւր առանձին բովանդակութեան մշակման համար (տուեալներու թարմացում եւայլն): Ձեզի կը մաղթենք հմտութիւններու յաջող փոխանակում, ինչպէս նաեւ դրական իմաստով փոխգործակցող առեւտուր: ՄԻԱՑԻՐ-ի խումբը սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին, որոնք կը փափաքին մաս կազմել այս նախաձեռնութեան:

2) Տեղեկութիւններու Գաղտնապահութեան Յայտարարութիւն

Այսու համաձայն եմ իմ անձնական տուեալներու օգտագործման եւ մշակման հետ, որոնքներկայացուած են ներքեւի մասնաբաժիններով1 .

• Ծառայութիւն Մատուցողի Անունը

• Անուն Ազգանուն

• Կապի Տուեալներ (Հեռախօսի համարներ, Ելմակներ, Կայքէջ)

• Հասցէ եւ իմ կողմէ հայթայթուած այլ հասցէներ

• Մասնաճիւղ

• Անպարտադիր: ԱԱՀ Թիւը / Ընկերութեան Գրանցման Թիւը

• Անպարտադիր: Առցանց տարբերակ: Լուսանկարներ, լոկո

• Անպարտադիր: Խօսակցական լեզուներ

• Անպարտադիր: Տեղեկութիւն մատուցուած ծառայութիւնեան մասին

• Համաձայնութիւն՝ տուեալները նաեւ փոխանցուելու նմանօրինակ կայքէջերու

• Համաձայնութիւն՝ ՄԻԱՑԻՐ-ի պարբերաթերթը ստանալու

Դուք կամաւոր տրամադրած եք Ձեր մասին վերը նշուած տեղեկութիւնները։ Այս տուեալները կը մշակուին Ձեր համաձայնութեան հիման վրայ՝ հետեւեալ նպատակներով.

• Ձեր տեղեկութիւնները տեսանելի եւ հասանելի կըլլան հանրութեան www.miatsir.net-ի կայքէջի վրայ:

• Ծանուցման նպատակներով, ինչպես նաեւ յաճախորդներու եւ այլ շահագրգիռ կողմերու օգտագործման նպատակով (փոխանցում, առաջարկութիւն եւայլն):

Դուք կարող էք որեւէ ատէն ետ վերցնել այս համաձայնությունը: Ջնջման պարագային՝ Ձեր տուեալները այլեւս կարելի չէ օգտագործել վերոյիշեալ նպատակներուն համար եւ այդպիսով համապատասխան իրաւունքները, առաւելութիւնները եւայլն կարելի չեն պահանջուիլ: Տուեալները կը պահպանուին առցանց հարթակին մէջ, ինչպես նաեւ ներքին օգտագործման համար ստեղծուած տուեալներու տեղեկադարանին մէջ:

Ձեր տուեալները նոյնպէս կը մշակուին, գոնէ մասամբ, ԵՄ-էն կամ ԵՏԳ-էն դուրս: Պաշտպանութեան համապատասխան մակարդակը կը բխի Եւրոպական Յանձնաժողովի համապատասխան որոշումէն՝ համաձայն GDPR-ի 45-րդ յօդուածի

Պատասխանատւութիւն

ՄԻԱՑԻՐ-ի խումբը պատասխանատւութիւն չի կրեր ծառայութիւններ մատուցողներու կողմէ տրամադրուող տեղեկատւութեան, տուեալներու, խորհրդատւութեան, եւ ծառայություններու համար:

Հրահանգներ օրինականօրէն բողոքարկելու համար

Սկզբունքօրէն, Դուք ունիք տեղեկատւութեան, ուղղելու, ջնջելու, սահմանափակելու, տուեալներու տեղափոխելիութեան եւ առարկութեան իրաւունքներ: Այդ ընելու համար կը խնդրուի կապուիլ մեզի հետ:

Դուք կարող էք մեզ հետ կապուիլ հետեւեալ ելմակի հասցէով․ miatsir@outlook.com

Լաւագոյն ողջոյններով,

Ձեր ՄԻԱՑԻՐ Խումբը

** Յարմարուիլ իրականութեան!

Բեռնել համաձայնության հայտարարությունը որպես pdf.

bottom of page